ՌԱԿ Արցախի մարմինի արտահերթ համագումարը Ստեփանակերտի մէջ. Հաղորդագրութիւն

2020-01-29
Image

Ինչպէս յայտնի է, յառաջիկայ Մարտ ամսուան ընթացքին Արցախի մէջ տեղի պիտի ունենան   նախագահական եւ  խորհրդարանական ընտրութիւններ։ 

Այդ  առիթով Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան  Արցախի մարմինը կայացուց արտահերթ    համագումար, որու աւարտին  ժողովականները քննարկեցին յառաջիկայ փուլին  կուսակցութեան  որդեգրելիք կեցուածքին եւ ընդհանուր գործունէութեան վերաբերող շարք մը խնդիրներ։

Համագումարի աւարտին հրապարակուեցաւ  հաղորդագրութիւն մը, որ կը ներկայացնենք ստորեւ։

«26 Յունուարին կայացաւ Արցախի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան արտահերթ համագումարը, որու արդիւնքով միասնական որոշումներ կայացած են օրակարգի մէջ ամրագրուած 2 հիմնահարցերու վերաբերեալ։

Համագումարի ընթացքին վերհանուած են ներկուսակցական շարք մը հիմնահարցեր, ճշգրտուած եւ յստակեցուած է կուսակցութեան՝ գալիք համապետական ընտրութիւններուն մասնակցութեան ձեւաչափը:


• Համագումարը հաւանութեան արժանացուցած եւ երաշխաւորած է Կեդրոնական Վարչութեան` «Վաղուայ Արցախ» եւ « Ինքնութիւն եւ միասնութիւն» կուսակցութիւններու հետ դաշինք կազմելու վերաբերեալ առաջարկը


• Միաձայն հաստատած է գալիք նախագահական ընտրութիւններուն Արցախի նախագահի թեկնածու Մասիս Մայիլեանին աջակցելու մասին որոշումը։


• Երաշխաւորած եւ հաստատած է Ազգային ժողովի՝ գարնան կայանալիք ընտրութիւններու մասնակցութեան համամասնական ցուցակը»: