ՌԱԿ-ը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելած է Մարալ Նաճարեանին
ՌԱԿ-ը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը գլխաւորութեամբ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Ատենապետ՝ Ընկ. Տօքթ. Աւետիս Տագէսեանի, անդամակցութեամբ՝ Շրջանային Վարչութեան անդամ ընկերներ՝ Տօքթ. Ժոզէֆ Կրպոյեանի եւ Տօքթ. Վաչէ Տօնէրեանի այցելութիւն տուած են օրերս Ատրպէյճանէն Լիբանանի իր տունը վերադարձած Մարալ Նաճարեանին։
Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին ընկերները մանրամասնօրէն տեղեկացած են բոլոր կարեւոր մանրամասնութիւնները հայուհի Մարալ Նաճարեանի ազատուելու գործընթացին վերաբերեալ։
Անոնք նաեւ իրենց ամբողջական նեցուկը եւ զօրակցութիւնը յայտնած են հայուհիին, նշելով նաեւ, որ պատրաստ են բոլոր միջոցները ի գործ դնել յանուն վերջինիս ապահովութեան եւ բարօրութեան։
Հանդիպման ընթացքին հակիրճ խօսք մը ըսած է ընկ. Աւետիս Տագէսեան, որ նաեւ նշած է, որ Մարալին ծանօթ եղած է երկար ժամանակէ ի վեր եւ յոյս յայտնած, որ ան շուտով կը վերադառնայ կեանքի բնականոն հուն։
Յիշեցնենք, որ Մարալ Նաճարեան գերեվարուած էր չորս ամիս առաջ Շուշիի մէջ, երբ իր մտերիմին՝ Վիգէն Էօլճէքեանին հետ վերադարձած էր հայկական քաղաք իրենց իրերը հաւաքելու նպատակով։
Մարալի ազատ արձակումը ապահովելու համար կարեւոր աշխատանք տարած են Միջազգային Կարմիր Խաչը, Ռուսաստանցի եւ Հայաստանցի քաղաքական գործիչներ, Լիբանանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանանահայ քաղաքական երեք կուսակցութիւնները։