ՌԱԿ-ի ամանորեայ նուէրը Եղեգնուտի փոքրիկներուն
24 Դեկտեմբեր 2019-ին, Արցախի Հանրապետութեան Շահումեանի շրջանի Եղեգնուտ համայնքի մանկապարտէզի բակին մէջ տօնական տրամադրութիւն կը տիրէր: Համընդհանուր ուրախութեան պատճառն այն էր, որ համայնքի մանուկները այսուհետ պիտի ունենան հեքիաթային երանգներով գունազարդուած խաղահրապարակ, որու կառուցումը իրականացուած է Արցախի Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան անդամներու նախաձեռնութեամբ եւ ամերիկահայ բարերար, ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան պատուոյ անդամ Ընկ. Յակոբ Նազաեանի հովանաւորութեամբ:
Այս մասին «Ռամկավար Մամուլ»ին հաղորդեց Արցախի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան գրասենեակէն, ընդգծելով, որ փոքր թուացող այս միջոցառումը մեծ ուրախութիւն եւ հրճուանք պատճառած է համայքի փոքրիկներուն եւ վերածուած համընդհանուր տոօնի:
Խաղահրապարակի բացման հանդիսաւոր արարողութեան մասնակցած է Արցախի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ատենապետ Բարդուղ Գալստեանը, Ստեփանակերտէն ժամանած խումբ մը կուսակցական ընկերներ եւ Շահումեանի շրջանի վարչակազմի ղեկավար Գագիկ Մարտիրոսեանը:
Միջոցառման աւարտին համայնքի բնակիչներն ստացան ամանորեայ նուէրներ՝ պահածոներով 7 հիւթերով արկղերու տեսքով, իսկ բազմանդամ ընտանիքներուն բաժանուեցաւ տեղական արտադրութեան մարզական հագուստ:
Եղեգնուտի մէջ ամանորեայ տրամադրութիւնը համեմուած է մանկական հնչուն ծիծաղով, զուարթ ու լեցուն առօրեայով: