Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Այցելութիւն Արամ Ա.Կաթողիկոսին

2021-09-04
Image

Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութենէն պատուիրակութիւն մը գլխաւորութեամբ Ռ.Ա.Կ.Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Ընկեր Աւետիս Տագէսեանի, այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա.-ին, Պիքֆայայի ամառնային վանական համալիրին մէջ: 

Պատուիրակութիւնը Վեհափառ հայրապետին փոխանցեց Ռ.Ա.Կ.Կեդրոնական Վարչութեան ողջոյնները: Վարչութիւնը յայտարարեց, թէ պիտի շարունակէ նեցուկ կանգնիլ լիբանանահայութեան ընկերային-տնտեսական վիճակը բարելաւող բոլոր քայլերուն: Որոշուեցաւ կարիքաւոր ընտանիքներու ցանկերը ամբողջացնել, օժանդակելու համար մեր ժողովուրդի զաւակներուն, տնտեսական այս վատ պայմաններուն մէջ: Արծարծուեցան հայութիւնը տագնապնեցնող հարցեր, ինչպէս Լիբանանի տնտեսական պայմանները, Հայաստանի եւ Արցախի քաղաքական վիճակը Արցախի երկրորդ պատերազմէն ետք եւ Կուսակցութեան ներքին վիճակը:

Վեհափառը իր կարգին շեշտեց կարեւորութիւնը օժանդակելու մեր ազգի զաւակներուն, կառչած մնալու համար լիբանանեան հայրենիքին, որ շատ բան տուած է մեզի եւ պէտք չէ դասալիք ըլլանք: Այլ ձեռք-ձեռքի տալով պէտք է ոտքի կանգնինք եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն օժանդակենք, արժանապատիւ կեանքի պայմաններ ապահովելու համար իրենց: Հայաստանի պարագային՝ միասնականութեան պահպանումը ամենամեծ երաշխիքն է մեր յաջողութեան եւ այս տագնապը շրջանցելու ամենաքիչ վնասով: Վեհափառ հայրապետը նաեւ իր կարծիքը յայտնեց Լիբանանի ապագայ քաղաքական կառոյցին մասին, նկատի առնելով որ յստակ է այլեւս նախկին Թաէֆի սահմանադրութեան չծառայելը Լիբանանի ժողովուրդի քաղաքական եւ ընկերային-տնտեսակական պահանջքին:

Ժամէ մը աւելի տեւած ժողովի աւարտին, կողմերը խոստացան շարունակել հաղորդակցիլ, մեր ժողովուրդի առջեւ ծառացած բոլոր արգելքները շրջանցելու համար:

 

Պէյրութ, 3 Սեպտեմբեր 2021