ՌԱԿ Կեդրոնական եւ Շրջանային վարչութիւններու ներկայացուցիչները հանդիպած են Արցախի ԿԳՍ նախարար Նարինէ Աղաբալեանի հետ
Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 25-ի երեկոյեան, Կլենտէյլի մէջ տեղի ունեցաւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական եւ Շրջանային վարչութիւններու ներկայացուցիչներու հանդիպումը Արցախի Կրթութեան, գիտութեան եւ սփորթի նախարար Նարինէ Աղաբալեանի հետ։ Անոր կ՚ընկերակցէր Ուաշինկթընի մէջ Արցախի ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան։
Քննարկուած են Արցախը, Հայաստանն ու հայութիւնը յուզող տարբեր հիմնախնդիրներ, ինչպէս յառաջիկայ տարի տեղի ունենալիք Արցախի խորհրդարանական ընտրութիւնները, ընկերային եւ տնտեսական հարցեր, ինչպէս նաեւ ՌԱԿ-ի ձեռնարկուելիք նոր ծրագիրները Արցախի մէջ։
Աւելի քան մէկ ժամ տեւող անկեղծ զրոյցին ընթացքին, տիկին Աղաբալեան ներկայացուցած է Արցախի դիմագրաւող մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ խօսած «Հայաստան» հիմնադրամի դրամահաւաքի այս տարուան երկու գլխաւոր նպատակներուն մասին՝ խմելու մաքուր ջուր ապահովում եւ արեւային ուժի սալիկներու տեղադրում։
Նարինէ Աղաբալեան անկուսակցական է, երկու տարիէ իվեր կը վարէ այս պատասխանատու պաշտօնը։ Ամուսինը՝ Էդմոն Բարսեղեան, զոհուած է Արցախի ազատամարտի ընթացքին։