ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութեան հանդիպումը գերապայծառ Միքայէլ եպս. Մուրատեանի հետ
Ուրբաթ 10 Յունուարի երեկոյեան, նախապէս առնուած ժամադրութեամբ ՝ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ՝ Ընկերներ Արա Ահարոնեան եւ Գէորգ Հալէպլեան հանդիպեցան Հիւսիսային ԱՄՆ-ի Հայ Կաթողիկէ համայնքի Առաջնորդ՝ Արհիապատիւ Միքայէլ Եպս. Մուրատեանին, Կլէնտէյլի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ առաջնորդանիստ տաճարի համալիրին մէջ։
Շուրջ ժամ մը տեւող հանդիսութեան ընթացքին, պատուիրակութեան ընկերները տեղեկացան Կաթողիկէ համայնքի ընթացիկ ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ տեղեակ պահուեցան անցեալ տարուայ աւարտէն առաջ Սուրիոյ Քամիշլի քաղաքի հոգեւոր հովիւի սպանութեան ծալքերուն ։ Ըստ Մուրատեան Գերապայծառին, տակաւին Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ փոքրաթիւ կաթողիկէ գաղութներ գոյութիւն ունին Սուրիոյ Հիւսիս-արեւելեան շրջանէն ներս։
Հիւսիսային ԱՄՆ-ի առաջնորդի պաշտօնը ստանձնելէն առաջ Գերապայծառը եղած է Հռոմի Կաթողիկէ Լեւոնեան վարժարանի տեսուչը, ու մօտէն ծանօթացած Եւրոպայի համայնքներու գործունէութեան։
Աւարտին պատուիրակութիւնը տեղեկացաւ նաեւ այն ծրագիրներուն, որոնք կը սատարեն Հայ Կաթողիկէ համայնքի գործունէութեան Հայաստանի Հանրապետութենէն ներս՝ առաջնորդանիստ կեդրոն ունենալով Կիւմրի քաղաքը։