ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութիւնը այցելեց ԱՀ ԱԳ նախարար Պրն. Մասիս Մայիլեանին

2019-11-07
Image

Այսօր՝ 7 Նոյեմբերին, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան (ՌԱԿ) ղեկավար կազմի ներկայացուցիչներ, կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Ընկ. Մայք Խարապեանի գլխաւորութեամբ այցելած են Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանին:

Հանդիպման քննարկուած են հայրենիք-սփիւռք կապերու ամրապնդման, համահայկական խնդիրներու լուծման առնչուող հարցեր։ Կողմերը միտքեր փոխանակած են Արցախի եւ ՌԱԿ-ի միջեւ համագործակցութեան հեռանկարային ուղղութիւններու շուրջ, որու ընթացքին պատուիրակութեան անդամները ներկայացուցած են Արցախի մէջ կուսակցութեան կողմէ նախատեսուող յառաջիկայ ծրագիրները։  
Մասիս Մայիլեանն իր պատրաստակամութիւնը յայտնած է՝ հնարաւորինս աջակցելու նշուած ծրագիրներու իրագործման։