ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութիւնը այցելեց ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանին

2019-11-02
Image

Այսօր՝ 2 Նոյեմբերին, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան պատուիրակութիւնը՝ վարչութեան ատենապետ Ընկ. Մայք Խարապեանի գլխաւորութեամբ այցելեցին Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանին:

 

3

 

Պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարը, ողջունելով հիւրերը, առանձնայատուկ կարեւորեց սփիւռքեան կառոյցներու աշխոյժ դերակատարութիւնը հայապահպանութեան, Հայրենիքի հետ կապի ամրապնդման գործին։

 

1

 

ՌԱԿ կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչներու խնդրանքով Դաւիթ Տօնոյեանը ներկայացուց զինուած ուժերու համար իրականացուող լայնածաւալ բարեփոխումներու ընթացքը, սահմանային իրադրութիւնը, պաշտպանական ոլորտի առաջնահերթութիւններն ու ծրագրերը։

 

2

 

Ընկ. Մայք Խարապեան շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար, ընդգծեց, որ այսօր մեր սահմաններու պաշտպանութեան գերագոյն առաջադրանքը իրականութիւն կը դառնայ
Հայոց անվեհեր բանակի մասնակցութեամբ եւ նուիրական սխրանքներով: Ան նաեւ վստահեցուց, որ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, որպէս աշխարհատարած հայկական աւանդական կուսակցութիւն, ինչպէս երէկ, այսօր եւս յանձնառու է իր ամբողջական ներուժը ի սպաս դնելու Հայոց բանակի ուրճացման եւ զօրեղացման վեհ գործին, ինչպէս նաեւ հետամուտ է հայրենիք-սփիւռք կապերու ամրապնդման եւ պատրաստակամ է բանակ-հասարակութիւն փոխգործակցութեան շրջագիծէն ներս հանրային բնոյթի ծրագիրերու իրականացման հարցով։

 

4