ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութիւնը կ'ողջունէ Արցախի իր կառոյցի՝ յառաջիկայ համապետական ընտրութիւններուն Մասիս Մայիլեանին աջակցելու որոշումը

2019-12-17
Image

Արցախի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան հանրապետական վարչութիւնը օրերս յայտարարած է, թէ նեցուկ պիտի կանգնի Արցախի հանրապետութեան յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը առաջադրած Պրն. Մասիս Մայիլեանին, նկատի ունենալով վերջինիս քաղաքական մեծ փորձն ու Արցախի քաղաքական ու տնտեսական ապագայի նկատմամբ անոր տեսլականը:

Քաջածանօթ ըլլալով Պրն. Մասիս Մայիլեանի անձին ու երկար տարիներու գործունէութեան, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութիւնը, Սփիւռքի իր բոլոր շրջանակներով մեծապէս կ’ողջունէ Արցախի իր կառոյցին՝ յառաջիկայ համապետական ընտրութիւններուն Պրն. Մայիլեանին աջակցելու որոշումը, վստահ ըլլալով, որ Պրն. Մայիլեան  լաւագոյնս պիտի արդարացնէ իր հանդէպ ցուցաբերած վստահութիւնը:

Վարչութիւնս նաեւ խանդավառութեամբ կ'ողջունէ Մասիս Մայիլեանի թեկնածութիւնը սատարող ուժերու հետ դաշինքի միջոցաւ՝ Արցախի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան մասնակցութիւնը խորհրդարանական ընտրութիւններուն, հաւատալով, որ այդպիսով, ՌԱԿ-ի դաւանած գաղափարախօսութեամբ առաջնորդուելով, մեր կառոյցը հնարաւորութիւն պիտի ունենայ իր բոլոր կարելիութիւնները ի սպաս դնելու Արցախի Հանրապետութեան առջեւ ծառացած հիմնախնդիրներու լուծման:

Այս առիթով անգամ մը եւս կը հաստատենք, որ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը պիտի շարունակէ իր բոլոր միջոցներով զօրավիգ կանգնիլ հայրենի մեր զոյգ իշխանութիւններուն, որպէսզի Սփիւռքի հետ համատեղ ուժերով իրագործեն համայն հայութեան գերագոյն շահերը պաշտպանելու գերնպատակը: