ՌԱԿ Ներկայացուցիչներուն այցելութիւնը ՀՀ Սուրիոյ Դեսպանին

2023-02-13
Image

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, փոխատենապետ Ընկ. Ալեքսան Գարատանայեանի գլխաւորութեամբ, այսօր այցելութիւն տուաւ Հայաստանի Հանրապետութեան  մէջ  Սուրիոյ  Արաբական Հանրապետութեան դեսպանատուն:

Պատուիրակութեան մաս կազմեցին Կեդրոնական Վարչութեան Հայաստանի հարցերով խորհրդատու, ՀՀ Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Վիգէն Խաչատրեանը, ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ընկ. Սօսի Պըլըխեանը եւ երեւանաբնակ ընկերներ:

Ընկ. Ալեքսան Գարատանայեան Սուրիան հարուածած աղէտալի երկրաշարժի առթիւ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ յղուած ցաւակցագիրը յանձնեց Դեսպան դոկտոր Նորա Արիսեանին,  փոխանցելով ՌԱԿ աշխարհատարած շրջանակներու եւ համայն անդամութեան ցաւակցութիւններն ու զօրակցութիւնը՝ Սուրիոյ ղեկավարութեան եւ ժողովուրդին:

Պատուիրակութեան անդամները յոյս յայտնեցին, որ  2011 թուականէն ի վեր մեծ տագնապի եւ պատերազմի բովէն անցած Սուրիան եւ անոր ժողովուրդը պիտի յաղթահարէ նաեւ այս աղէտը եւ շուտով ոտքի պիտի կանգնի եւ վերադառնայ իր կարեւոր դերակատարութեան։

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան փոխատենապետը Տիկ. Դեսպանին իրազեկեց աղէտեալ Սուրիոյ ժողովուրդին եւ սուրիահայութեան օժանդակութիւն ապահովելու համար ձեռնարկուած միջոցառումներու մասին: Ան յայտնեց, որ աղէտէն ժամեր անց ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութիւնը մասնաւոր յայտարարութեամբ մը զօրաշարժի  ենթարկեց ՌԱԿ-ի շրջանակները եւ կառոյցները, նաեւ կոչ ուղղեց համայն հայութեան անհրաժեշտ դրամահաւաքներ կազմակերպելու եւ նպաստելու երկրաշարժէն տուժած մարդոց տառապանքը մեղմելուն:

Դեսպան դոկտոր Նորա Արիսեան շնորհակալութիւն  յայտնեց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան աջակցութեան եւ ցաւակցութիւններուն համար եւ բարձր գնահատեց ՌԱԿ-ի կողմէ նախաձեռնուած մարդասիրական օգնութիւնը եւ աջակցութիւնը։

ԱԺ պատգամաւոր Վիգէն Խաչատրեան կարեւոր համարելով հայ փրկարարներու ներկայութիւնը աղէտի գօտիին մէջ, երախտապարտութեամբ նշեց, որ Հայ ժողովուրդի պատմութեան ընթացքին բոլոր փորձութիւններու ժամանակ Սուրիան եւ անոր ժողովուրդը միշտ համերաշխութիւն յայտնած են եւ եղբայրական մօտեցում ցուցաբերած են հայ ժողովուրդին. Ան յիշեց մասնաւորապէս 1988-ի Սպիտակի երկրաշարժի օրերուն Սուրիայէն ցորենով բեռնուած օդանաւի ժամանումը Հայաստան, նշելով, որ հայ ժողովուրդը երբեք չի մոռանար, թէ ինչպէս Սուրիոյ կառավարութիւնն ու ժողովուրդը օգնութեան հասան Հայաստանի Հանրապետութեան՝ մեղմելու հայ ժողովուրդի ցաւը:

Հանդիպման ընթացքին կողմերը նաեւ քննարկեցին Սուրիոյ մէջ տիրող ընդհանուր իրավիճակը եւ Հայաստան-Սուրիա յարաբերութիւններու ընդհանուր դրութիւնը։

Հանդիպման աւարտին Ընկ. Մակի Նշանեան Սողիկեան ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անունով գրառում կատարեց սգոյ մատեանին մէջ։