Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան հերթական ԻԹ (29-րդ) Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողով
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան հերթական ԻԹ (29-րդ) Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովը գումարուեցաւ քաղաքամայր Երեւանի մէջ, Մայիս 25-28, 2023-ին։
Օրէնսդիր գերագոյն այդ ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին ՌԱԿի աշխարհատարած շրջանակներու լիազօր ներկայացուցիչները:
Եռօրեայ իր աշխատանքներու աւարտին, ժողովը յանգեցաւ Հայ ժողովուրդը եւ ՌԱԿը անմիջականօրէն յուզող կարեւոր հարցերու վերաբերեալ շարք մը որոշումներու:
Առ այդ կը հրապարակուի հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.-
- Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ո՛չ միայն արմատական նպատակը, այլ նաեւ դաւանանքն իսկ եղած է ու կը մնայ անսակարկ եւ բոլորանուէր ծառայութիւնը մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին։ Ներկայ խռովայոյզ պայմաններէն մեկնելով, առաջնահերթ մտասեւեռում են հայրենաբնակ մեր ժողովուրդի անվտանգութիւնը եւ հայրենի մեր սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը։ ՌԱԿը, ինչպէս միշտ, անվերապահ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ հայրենի պետականութեան, ի խնդիր անոր ամրապնդման եւ ինքնիշխան յարատեւումին: ՌԱԿը, նաեւ, աներկբայօրէն նախանձախնդիր է որ մնայուն կերպով երաշխաւորուին հայրենաբնակ մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն բարօրութիւնը եւ արժանապատիւ կենցաղը, ինչպէս նաեւ մեր ժողովուրդին իրաւահաւասար եւ կաշառազերծ միջավայրի մէջ ապրելու բացարձակ եւ անուրանալի իրաւունքը։ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը ոչ մէկ ճիգ պիտի խնայէ տեւապէս սատարելու հայրենի բոլոր ոլորտներու բարգաւաճման, բայց մանաւանդ՝ հայոց բանակի յարաճուն հզօրացման։
- Բացորոշ է որ, ցեղասպանական յստակ նկրտումներով, Ազրպէյճանը տեւապէս սադրանքներ կը նիւթէ խիստ զրկանքներու ենթարկելու համար արցախահայութիւնը։ Պատգամաւորական ժողովը կոչ կ՛ընէ համայն հայութեան անվերապահ եւ լիակատար զօրակցութիւն տալու հերոսական Արցախին, որպէսզի հիմնովին առաջքը առնուի պատմական մեր նուիրական բնօրրանի հայաթափման։ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան անխախտելի համոզումն է թէ արցախեան հիմնախնդիրը հարկ է որ լուծուի մարդկային իրաւանց սկզբունքներու եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման սրբազան իրաւունքի հիման վրայ, իսկ լուծման ձգտող բանակցութիւններուն, անհրաժեշտաբար պէտք է ապահովուի ամնիջական մասնակցութիւնը Արցախի պաշտօնական ներկայացուցչութեան։
- Կուսակցութիւնը կը վերահաստատէ իր համոզումը Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ անսասանութեան հաւատամքին, մաղթելով որ մշտապէս մնայ մեր ժողովուրդին հոգեւոր առաջնորդութիւն շնորհելու իր աւանդական դերին եւ առաքելութեան մէջ։
- ՌԱԿը վերանորոգ վճռականութեամբ կը մնայ Հայ Դատի եւ հայկական պահանջատիրութեան հետապնդման սուրբ առաքելութեան հաւատաւոր զինուորագրեալը: Առ այդ՝ Պատգամաւորական Ժողովի որոշումով, պիտի բազմապատկուին ու առաւել եւս լարուին կուսակցութեան համապարփակ ուժերը, ո՛չ միայն ձգտելով յանգիլ միջազգային հանրութեան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան միահամուռ ճանաչման եւ դատապարտումին, այլ նաեւ՝ ազգային մեր բոլոր իրաւունքներու ամբողջական վերականգնման, խորապէս համոզուած ըլլալով որ ոյժի յաջող դրսեւորումներէն է որ ծնունդ կ’առնէ իրաւունքը։ Լիովին ըմբռնելի է թէ, զանազան գործօններու թելադրանքով, Հայաստանի Հանրապետութիւնը, այս ուղղութեամբ, որոշումներ պիտի կայացնէ որոշ հանգամանքներու նկատառումով։ Սակայն հայկական սփիւռքը, ենթակայ չէ որեւէ սահմանափակման կամ կաշկանդումի։ ՌԱԿ-ի հաստատ համոզումն է, որ երկսայր, սակայն համադրուած ռազմավարութեամբ մը կարելի է հասնիլ ցանկալի արդիւնքներու։
- Հայ Դատի հետապնդման, բայց նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան համար անփոխարինելի հարստութիւն է սփիւռքի հայութիւնը, որ իր մեծամասնութեամբ, անմնացորդ սիրով, անսահման կարեկցութեամբ ու գորովով կ’ընկալէ մայր հարենիքը, Արցախը, հայրենաբնակ հարազատ ժողովուրդը եւ անոնց ներկային ու ապագային հետ աղերս ունեցող բացարձակապէս ամէն ինչ։ Հայկական սփիւռքի հայթայթած ու հայթայթելիք բազմաբնոյթ եւ յարատեւօրէն կայուն նեցուկը վաւերականագոյն գրաւական է մեր հայրենիքին համար։ Իսկ արտերկրի հայութիւնը աշխոյժ ու կայտառ պահելու համար անհրաժեշտ է, հետեւողականօրէն որոնել եւ կիրարկել ազգապահպանման յարափոփոխ, արդիւնաբեր եղանակներ։ Ինչպէս նախորդ հարիւրամեակին, ՌԱԿ-ի գլխաւոր մտասեւեռումներէն եւ յանձնառութիւններէն կը հանդիսանան հայապահպանումի եւ ազգային ուղիղ դաստիարակութեան նուիրական աշխատանքները։
- Ժողովուրդի մը լեզուն անոր մեծագոյն հարստութիւնն է, անտարակոյս: Ուրախալի է, անշուշտ, որ արեւելահայերէնը հայրենի մեր ժողովուրդին կենդանի արտայայտութիւնն է, անոր առօրեային մէջ հաւատարմօրէն ծառայող, եւ պետական մակարդակով, ամէն հոգածութեան եւ խրախուսանքի արժանի: Իսկ արեւմտահայերէնը, եղելութիւններու եղերական դասաւորումով, սփռուած է աշխարհի չորս ծագերուն եւ մշտապէս ենթակայ է անխուսափելի աղճատման: Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը վճռականօրէն կը վերահաստատէ թէ ո՛չ մէկ ճիգ պիտի խնայէ, որպէսզի երբե՛ք չհնչէ արեւմտահայերէնի անկանգնելի կորուստին սահմռկեցնող ահազանգը: Որովհետեւ, բոլոր այլ տուեալներէն ու նկատումներէն անջատ, արեւմտահայերէնը է՛ նաեւ մեր հողային եւ այլ պահանջատիրութեան կենդանի վկան եւ անոր մշտական ու անզիջող յուշարարը։
- Որեւէ ժամանակէ աւելի, այսօր մեզի համար կենսականօրէն անհրաժեշտ է ապահովել ազգային ամբողջական միասնականութիւն։ Անյապաղ կերպով հարկաւոր է որ միաւորուինք, որպէսզի կարենանք Սարտարապատուիլ ազգովին մեր դէմ ծառացող բոլոր տեսակի սպառնալիքներուն եւ պատուհասներուն դէմ։ Հետեւաբար, ազգային որեւէ հիմնահարցի լուծման ի խնդիր, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը լիովին պատրաստակամ է համագործակցելու հայրենի կամ արտերկրի որեւէ կազմակերպութեան կամ կառոյցի հետ, որ կը բաժնէ միեւնոյն մտահոգութիւնները։
- ՌԱԿը հայրենի իշխանութիւններէն կ'ակնկալէ որ ամնիջապէս գործադրութեան դրուին յստակ ծրագիրներ, որոնք կը միտին հայրենաբնակ մեր ժողովուրդին ազգային հպարտութիւն եւ մեր երկրին պայծառ ու կայուն ապագային նկատմամբ վաւերական յոյս եւ հաւատք ներշնչել։ Կ՛ակնկալէ նաեւ որ ստեղծուին պայմաններ եւ առնուին անհրաժեշտ բոլոր միջոցառումները, առաջքը առնելու համար մտահոգիչ հոլովոյթ հանդիսացող արտագաղթի երեւոյթին, զայն համարելով հայրենիքի գոյութեանն իսկ սպառնացող վտանգ եւ առ այդ կոչ կ’ուղղէ հայ ժողովուրդի հաւաքական զգաստութեան, հնարաւոր ամէն ճիգով կասեցնելու համար վտանգաւոր եւ ահաւոր այդ ընթացքը:
- Գնահատելով ընթացաւարտ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութիւնն ու անցնող չորս տարիներու ընթացքին անոր տարած նուիրեալ բոլոր գործունէութիւնները՝ շրջանցելով յայտնի շատ մը անպատեհութիւններ, ՌԱԿ Պատգամաւորական Ժողովը իր աշխատանքները աւարտեց ընտրելով կուսակցութեան նոր Կեդրոնական Վարչութիւն:
Պատմական այս նստշրջանը եզրափակուեցաւ վերանորոգումովը այն սրբազան ուխտին, որուն զինուորագրեալն է ՌԱԿը եւ ողջունելով կուսակցութեան անխտիր բոլոր անդամներն ու համակիրները, ողջունելով հայրենիքն ու ամբողջ հայութիւնը.
Կեցցէ՛ Հայ ժողովուրդը,
Կեցցե՛ն Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ հերոսական Արցախը
Կեցցէ՛ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը
ԴԻՒԱՆ ՌԱԿ ԻԹ. ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ