Սփիւռքէն՝ Հայ Զինուորին. ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան կոչը՝ հայութեան
Անկասկած, որ բոլորիս կը խանդավառէ Հայաստանի տարբեր ոլորտներու մէջ ընթացք առած բարեփոխումները, որոնց քայլ առ քայլ արձանագրած առաջընթացին կը հետեւինք սրտատրոփ, անոնց անխափան իրագործման մէջ տեսնելով մեր հայրենիքի յուսալի ծաղկումը: Սակայն պէտք չէ մոռնալ, որ այդ ուղղութեամբ բոլոր ճիգերու արդարացման հիմնական երաշխիքը ապահովողը սահմանին կանգնած հայ զինուորն է, որ իր անձնական անվտանգութեան ու կեանքի գնով կ'ապահովէ խաղաղ երկինքի տակ հայրենիքի բարգաւաճման հնարաւորութիւնը, Հայաստանի ազատութիւնը, անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը:
Առ այդ, քաջ գիտակցելով հայ զինուորի կողմէ վճարուող գինը` հայրենիքի խաղաղութեան եւ սերունդներու լուսաւոր ապագայի համար, ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը, փայլուն նախաձեռնութեամբ մը, «Զինծառայողներու ապահովագրութեան» հիմնադրամի միջոցաւ, իր պարտքը կը համարէ ապահովագրել հայոց բանակի զինուորները, օգնել վիրաւոր զինուորներուն եւ անոնց ընտանիքներուն: Հիմնադրամը նաեւ նպատակ ունենալով այս վեհ գործին շուրջ համախմբել համայն հայութեան ներուժը, ստեղծած է համապատասխան մեխանիզմներ, որպէսզի աշխարհի տարբեր կողմերէն հայութիւնը հնարաւորութիւն ունենայ մասնակից դառնալու այս կարեւոր գործին:
Այս առումով, ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութիւնս, հայրենիքի արժէքի եւ անոր պաշտպանի կեանքի հանդէպ պատասխանատւութեան լիարժէք ընկալումով, կոչ կ'ուղղէ համայն հայութեան սատար կանգնելու Հիմնադրամին, այդպիսով մասնակից դառնալով մեր Հայրենիքի պաշտպանութեան գործին:
Հիմնադրամին փոխանեցում կատարելով մենք կ'ապահովագրենք զինուորներու կեանքը, որ կ'ըլլայ մեր փոքր շնորհակալութիւնը այն տղաներուն, որոնք մեզի համար պայքարելու ընթացքին զոհուած կամ վիրաւորուած են եւ այլեւս անկարող են պայքարիլ իրենց ընտանիքի անդամներու ապրուստի համար:
Ուստի, գիտակցելով, որ ազգը եւ ազգի պաշտպանութիւնը գերագոյն նպատակ է, կոչ կ'ուղղենք բոլորին դառնալու այդ նպատակի իրականացման միջոց: