ԵԱՀԿի Մինսքի խումբը կրնայ նպաստել տարածաշրջանի խաղաղութեան. Միրզոյեան

2022-12-02
Image

1 Դեկտեմբերին, Լեհաստանի Լոց քաղաքին մէջ, ԵԱՀԿի նախարարական 29րդ համաժողովին արտասանած իր խօսքին մէջ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան դիտել տուաւ, որ Հայաստան կը շարունակէ հաւատալ, որ ԵԱՀԿը, ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահող երկիրները, ԵԱՀԿի գործիքակազմերը իրենց կուտակած գիտելիքներով եւ փորձառութեամբ կրնան եւ պէտք է նպաստեն տարածաշրջանին մէջ կայունութեան ու տեւական խաղաղութեան հաստատման:

Ան, ի շարս այլ նիւթերու, անդրադարձաւ այս տարուան Մարտ եւ Օգոստոս ամիսներուն Արցախի հայերուն դէմ Ատրպէյճանի կատարած սադրիչ եւ յարձակողական գործողութիւններուն:

«Եռակողմ յայտարարութիւնների բացայայտ խախտմամբ՝ Ադրբեջանը փաստացի էթնիկ զտումների ենթարկեց Լեռնային Ղարաբաղի եւս մէկ բնակավայր եւ փորձեց խոչընդոտել Լաչինի միջանցքի գործունէութեանը, որն աւելի քան 120 հազար մարդու համար «Կեանքի ճանապարհ» է», ըսաւ Միրզոյեան՝ աւելցնելով. «Մենք կարծում ենք, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովրդի իրաւունքների եւ անվտանգութեան հարցը նոյնպէս պէտք է համակողմանիօրէն հասցէագրուի: Այս հարցերը մշտապէս եղել են ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահների կողմից առաջնորդուող խաղաղ գործընթացի հիմքում»:

Միրզոյեան անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի մէջ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ներկայութեան՝ զայն նկատելով լուրջ մարտահրաւէր տարածաշրջանի փխրուն խաղաղութեան եւ կայունութեան համար: «Մեր հարեւան Ադրբեջանը ոչ միայն շարունակում է իր առաւելապաշտական ու ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը, այլեւ՝ ռազմական ագրեսիան (յարձակումը) Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան դէմ», նշեց Միրզոյեան՝ տուեալներով ներկայացնելով Սեպտեմբերի բախումներուն արդիւնքները։ «Ադրբեջանը գրաւել է Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի շուրջ 140 քառ. կմ., հայկական կողմն ունի 233 զոհ, այդ թւում՝ խաղաղ բնակիչներ։ Ներկայ պայմաններում դժուար է խորհել ԵԱՀԿ տարածաշրջանի առանձին հատուածում խաղաղութեան հասնելու մասին: Այնուամենայնիւ, Հայաստանի կառավարութիւնը դրսեւորել է քաղաքական կամք եւ վճռական քայլեր է ձեռնարկում Հարաւային Կովկասում խաղաղութեան եւ կայունութեան նոր դարաշրջան բացելու ուղղութեամբ: Մեր պետական սահմանի սահմանազատման գործընթացը չպէտք է վերածուի Հայաստանի նկատմամբ տարածքային պահանջներ ներկայացնելու գործիքի եւ, ըստ այդմ, պէտք է իրականացուի իրաւական հիմքեր ունեցող քարտէզների հիման վրայ», ընդգծեց Միրզոյեան: