Իրանը շուտով նոր դեսպան կ'ունենայ Հայաստանի մէջ

2023-03-31
Image

Սուրիոյ մէջ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանին յառաջիկային պիտի նշանակուի Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան։ Այս մասին յայտնած է իրանեան ISNA գործակալութիւնը։

Նշուած է, որ շուտով Սոպհանին պիտի գործուղուի Երեւան՝ որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Իրանի նոր դեսպան։

Գործակալութիւնը նաեւ յայտնած է, որ Սուրիոյ մէջ Իրանի դեսպանի պաշտօնին ալ արդէն հաստատուած է Հոսէյն Աքպարիի թեկնածութիւնը։

Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանը այս պահուն Ապպաս Պատախշան Զոհուրին է։ Ան այս պաշտօնին նշանակուած է 2019 թուականին։ Հայաստանի մէջ իր դիւանագիտական ծառայութիւնը սկսած է 2020-ի սկիզբը: