ԳՈՅԺ. Ոչ եւս է Ընկ. Գէորգ (Ճորճ) Մանտոսեան

2021-10-19
Image

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը սրտի դառն կսկիծով կը գուժէ  Ռ.Ա.Կ.-ի երկարամեայ ղեկավարներէն, Կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամ, վաստակաշատ եւ հաւատաւոր Ընկ. Գէորգ Մանտոսեանի (Ծնեալ՝ 1934, Երուսաղէմ) մահը, որ պատահեցաւ Կիրակի՝ 17 Հոկտեմբեր, 2021-ին, Լոս Անճելոսի մէջ։

Երիտասարդ տարիքէն ՌԱԿ-ի շարքերը համալրած հանգուցեալ ընկերը իր կեանքի ամբողջ ընթացքին գործօն մասնակցութիւն բերած է նախ որպէս ՌԱԿ-ի երիտասարդական միութիւններու անդամ եւ ետքը որպէս հաւատաւոր կուսակցական, սկսած իր ծննդավայր Երուսաղէմէն, անդամակցելով Հայ Երիտասարդաց Միութեան (ՀԵՄ), ետքը Յորդանանի մէջ, մաս կազմելով Ազգային Մարզական Միութեան (ԱՄՄ), ապա Պէյրութ եւ Միացեալ Նահանգներ, ուր ալ տասնամեակներ շարունակ եղած է ՌԱԿի Լոս Անճելոսի շրջանակի ղեկավար դէմքերէն:

Ընկ. Մանտոսեան տարիներով ղեկավար հանգամանքներ ունեցած է ՌԱԿ-ի Արեւմտեան շրջանակէն ներս նախ իբր ատենապետ եւ յետոյ իբր անդամ՝ Շրջանային վարչութեան, եղած է նաեւ ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան անդամ,  ԹՄՄ Լոս Անճելոսի մասնաճիւղի վարչութեան եւ ԹՄՄ Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Կեդրոնական Վարչութեան փոխ ատենապետ։

Որպէս ազգային գործիչ անդամակցած է ՀԲԸ Միութեան, եղած է Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ դպրապետ: Ան նաեւ նշանակալի մասնակցութիւն ունեած է Ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած  Մոնթէպելլոյի Նահատակաց յուշարձանի կառուցման աշխատանքներուն, բացի այդ, հանդիսացած է Արշակ Տիգրանեան վարժարանի թէ՛ գոյառման, եւ  թէ ալ վարժարանը կեանքի կոչուելէն ետք անոր վարչական աշխատանքներուն գլխաւոր դերակատարներէն մէկը, որպէս վարժարանի  հոգաբարձութեան ատենապետ:

Որպէս Ռ.Ա.Կ.ի գաղափարական արժէքներ դաւանող ու հաւատաւոր զինուորագրեալ, ողբացեալ ընկերը կուսակցութեան ճամբով ծառայեց հայ ազգին եւ գործեց յանուն մեր ժողովուրդին եւ  հայրենիքին, որուն համար ալ արժանացաւ Հայաստանեայց առաքելական Ս. եկեղեցւոյ «Ս. Սահակ – Ս. Մեսրոպ» պատուոյ բարձր շքանշանին:

Այս  տխուր  առիթով  Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան եւ համայն անդամակցութեան անունով, մեր խորազգաց  ցաւակցութիւնները  կը յայտնենք  հանգուցեալի հարազատներուն, բարեկամներուն, կուսակցական ու միութենական ընկերներուն:

Խունկ ու աղօթք իր պայծառ յիշատակին:
Յաւերժ լոյս ու խաղաղութիւն անոր հոգիին:


ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութիւն