Գոյժ. Ոչ եւս է ՌԱԿ երախտաւոր Ընկ. Լեւոն Պըլըխեան

2022-11-11
Image

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը սրտի խոր կսկիծով կը գուժէ մահը Ռ.Ա.Կ. Կեդրոնական Վարչութեան Փոխատենապետ, ՌԱԿ Հիւսիսային Սուրիոյ Շրջանային վարչութիւն նախկին ատենապետ, հաւատաւոր Ընկ. Լեւոն Պըլըխեանի մահը (Ծնեալ՝ 1952), որ պատահեցաւ 11 Նոյեմբեր 2022-ին, Երեւանի մէջ։

Հայ ազգը եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, ի դէմս Ընկ. Պըլըխեանի, կորսնցուցին գաղափարի հաւատաւոր զինուորագրեալ մը, հայ ազգին աննկուն ծառայող մը: Մարդ, որ իր կեանքը իմաստաւորեց նուիրումով: Մարդ, որ յաճախ իր անձը մոռնալով, Ռ.Ա.Կ.ի միջոցաւ գործեց յանուն մեր ժողովուրդին եւ հայրենիքին:

Գաղափարական կուռ կազմուածքով, ազգային բարձր նշաձողերու հաւատացող եւ այդ արժէքները կրող Ընկ. Լեւոնը, որպէս ռամկավար ազատական գաղափարախօսութեան հաւատաւոր ազգային գործիչ, կառչած մնաց կուսակցութեան սկզբունքներուն, ՌԱԿ-ի հանդէպ իր ունեցած նախանձախնդրութեան եւ յանձնառութեան գաղափարները վերածեց կեանքի, սկզբունքի ու շարունակելով քալել նուիրումի եւ մեր կուսակցութեան մեծերու գծած ուղիով՝ միշտ գերադասեց լուռ ու յամառ աշխատանքը, յանուն մեր հայրենիքին եւ ի փառս հայ ժողովուրդին։

Ընկ. Պըլըխեան, իր գիտակցական կեանքի ողջ ընթացքին, որպէս բարձրագոյն արժէք ամէն բանէ վեր դասեց հայրենիքը՝Հայաստանիը, եւ այս սկզբունքը դարձաւ կեանքի արահետ, նուիրումի ակօս, գործի, աշխատանքի նպատակ եւ միջոց:

Ան տասնամեակներ շարունակ, գտնուելով պատասխանատու դիրքերու վրայ, ունեցաւ կուսակցական, ազգային եւ հասարակական հարուստ գործունէութիւն:

Նախքանի Սուրիոյ պատերազմը, իր ազգային բեղուն գործունէութեան ընթացքին Ընկ. Լեւոն Պըլըխեան մշտական ներկայութիւն էր Սուրիահայ կեանքին մէջ: Որպէս Թէքէեան Մշակութային Միութեան եւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան նուիրեալ ղեկավար անդամ, ան իր գործօն մասնակցութիւնը ունեցած է Հալէպի ազգային եւ համայնքային կեանքէն ներս:

Ահա այս բոլորը իր անձին մէջ գոյացնող Ընկ. Պըլըխեան այսօր կը հեռանայ մեզմէ, միանալու մեր վեհապանծ կուսակցութեան պատմական անցեալը կերտած նուիրեալներուն, գաղափարապաշտ, երախտաւոր ընկերներու հոյլին:

Այս  տխուր  առիթով  Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը իր խորազգաց  ցաւակցութիւնները  կը յայտնէ  հանգուցեալի այրի՝ Ընկ. Սիլվա Պըլըխեանին, զաւակներուն՝ Ընկ. Յակոբին, Ընկ. Սօսիին եւ Ընկ. Արամին, հարազատներուն, բարեկամներուն, կուսակցական ու միութենական ընկերաներուն:

Խունկ ու աղօթք անոր պայծառ յիշատակին:

Յաւերժ լոյս ու խաղաղութիւն անոր հոգիին:

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութիւն