ԳՈՅԺ. Ոչ եւս է Ռ.Ա.Կ. հաւատաւոր Ընկ. Գէորգ Կէօնճեան
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը սրտի խոր կսկիծով կը գուժէ մահը Դամասկոսի շրջանակի ղեկավար անդամներէն, հաւատաւոր Ընկ. Գէորգ Կէօնճեանի (Ծնեալ՝1945), որ պատահեցաւ Երեքշաբթի, Մարտ 9 -ին, Դամասկոսի մէջ։
Կեանքէն հեռացաւ յարգարժան ընկեր մը: Մեծ եւ անգնահատելի է ընկ. Կէօնճեանի դերը Դամասկոսի համայնքային եւ միութենական կեանքէն ներս:
Ողբացեալ ընկերը, որպէս ՌԱԿ Դամասկոսի Շրջանային վարչութեան երկարամեայ ատենապետ, կուսակցական եւ միութենական բեղուն գործունէութիւն ունեցած է իր շրջանակէն ներս: Որպէս ՌԱԿի ներկայացուցիչ մաս կազմած է տարբեր միջ-համայնքային եւ ազգային մարմիններու: Ան ծանօթ եղած է իր ծառայասիրութեամբ ու հայրենասիրութեամբ, իր ազնիւ նկարագրի եւ բարի համբաւի շնորհիւ մեծ յարգանք վայելած է:
Սուրիոյ դաժան պատերազմի ամբողջ ընթացքին Ընկ. Կէօնճեան Դամասկոսի գաղութէն ներսվճռակամօրէն շարունակեց իր հաւատաւոր կուսակցականի առաքելութիւնը, յոյս ու կոռով ներշնչելով զինք շրջապատող ընկերներուն:
Հանգուցեալի հոգեհանգստեան եւ յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի՝ 10 Մարտ 2021-ին, ժամը 02:30-ին, Դամասկոսի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ:
Գաղափարի հաւատաւոր զինուորագրեալ ընկերոջ յիշատակը միշտ վառ պիտի մնայ զինք ճանչնալու եւ իր մտերմութիւնը վայելելու բախտաւորութիւնը ունեցողներուն սիրտերուն մէջ։
Այս տխուր առիթով Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալի այրիին, դուստրին, հարազատներուն եւ բարեկամներուն:
Յաւերժ լոյս ու խաղաղութիւն անոր հոգիին:
ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութիւն