Լիբանան. Հոգեհանգիստ Ռ.Ա.Կ.-ի Նուիրեալներու Յիշատակին
1 Հոկտեմբեր 1921- 1 Հոկտեմբեր 2021: Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը դարձաւ 100 տարեկան: Հարիւրամեայ յոբելեանի առիթով, Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը ատենապետութեամբ Տոքթ.Աւետիս Տագէսեանի, ունեցաւ ազնիւ գաղափարը հոգեհանգիստեան արարողութիւն խնդրելու մեր հարիւրաւոր հանգուցեալ ընկեր եւ ընկերուհիներու յիշատակին: Արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Նոր Հաճընի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, Կիրակի 10 Հոկտեմբերի առաւօտեան սուրբ Պատարագէն ետք: Արարողութեան ներկայ էին Ռ.Ա.Կ.Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամները, Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս Պարոն Լէոնարտ Ապաճեան եւ դեսպանատան զինուորական կցորդը , քոյր կուսակցութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հանգուցեալ ընկեր, ընկերուհիներու ընտանիքի անդամներ եւ բազմաթիւ ընկեր, ընկերուհիներ: Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Նարեկ քահանայ Հէճինեան կատարեց հոգեպարար արարողութիւնը եւ իր խօսքին մէջ հանգուցեալ ընկեր, ընկերուհիները նմանցուց ցորենի հատիկին, որ մեռնելով արդիւնք կու տայ եւ կը վերածուի բազմաթիւ հատիկներու: Նոյնն է մարդը, որ իր գործով կ'արդիւնաւորէ իր կեանքը եւ իր մահէն ետք իր զաւակները կը շարունակեն իր բարի գործը:
Արարողութենէն ետք ներկաները ուղղուեցան եկեղեցւոյ սրահը ուր Տէր Նարեկի կատարած աղօթքէն ետք, տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն եւ Ռ.Ա.Կ.Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Ընկեր Աւետիս Տագէսեան խօսք առաւ եւ իր խօքին մէջ ըսաւ հետեւեալը.
«Արժանապատիւ Տէր Հայր,
Յարգարժան Ներկայացուցիչներ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատան,
Թանկագին ընկերուհիներ ու ընկերներ.
Բարի օր եւ բարի տրամադրութիւն ձեզի.
Յարգելիներ,
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Շրջանային Վարչութեան անունով կ'ողջունեմ ձեր բոլորը այս նուիրական յարկի տակ, ուր քիչ առաջ, մեր կազմակերպութեան հիմնադրութեան 100 –ամեակին կապակցութեամբ տեղի ունեցած հոգեպարար արարողութեան ընթացքին կատարուեցաւ հոգեհանգիստ, մեր կազմակերպութեան այն նուիրական անհատներուն համար, որոնք այսօր մեր հետ չեն եւ կը գտնուին անդէնականի մէջ:
Արդարեւ, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան երբեմնի հիմնադիրները, ղեկավարները, ատենապետները, վարչականները եւ շարքային անդամ-անդամուհիները, որոնք անձնուիրաբար ծառայեցին ու մեկնեցան այս աշխարհէն, մեզի աւանդ եւ ժառանգ ձգեցին այս գաղափարով հարուստ կուսակցութիւնը, որ եղաւ դար մը ամբողջ առաջատար՝ Սփիւռքեան պայմաններու մէջ, հպարտութիւն ներշնչելով թէ՛ հայութեան եւ թէ՛ մեր անդամութեան:
Արդարեւ 1 Հոկտեմբեր 1921 թուականին Կոստանդնուպոլսոյ մէջ չորս գաղափարական կուսակցութեանց միաձուլումով հիմնադրուած ՌԱԿ-ը, հարիւր տարի շարունակ, շնորհիւ իր կարկառուն ղեկավարներուն, իմաստուն առաջնորդներուն, հեռատես պատասխանատուներուն եւ շրջահայեաց վարչականներուն, դար մը ամբողջ աշխատեցաւ հայապահպանութեան եւ ազգապահպանութեան համար, զարկ տալով մշակոյթի, կրթու-թեան եւ ինքնութեան պահպանման, առողջ քայլերով ընթանալով հայրենասիրութեան բաւիղէն, անտեսած ամէն տեսակ խոչընդոտ ու արգելք, մարտահրաւէր ու սպառնալիք:
Այսօր, թանկագին բարեկամներ, գաղտնիք մը չէ, որ իր հարիւրամեայ հարուստ անցեալով պատմութիւն կերտած Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան նաւը, չի գտնուիր իր ճիշդ առաքելութեան վրայ եւ ան կը խարխափի՝ զարնուելով աջ ու ձախ: Սփիւռքեան ովկէանոսին մէջ, մինչեւ Հայաստան ու Արցախ, համոզուած եմ հարիւր առ հարիւր, որ ժամանակն է, որպէսզի այս ալեկոծումը գտնէ վերջ եւ ՌԱԿ-ը վերադառնայ իր հին ակունքներուն, իր օրինաւորութեան որպէսզի հանգչին սիրտերը ապրողաց եւ խաղաղութեամբ ննջեն հոգիները անդէնականի մէջ գտնուող մեր ընկերներուն: Սա, փափաք չէ, ցանկութիւն չէ, սա՝ հրամայական զուտ պահանջք է:
Բաւակա՛ն է երփեղկում,
Բաւակա՛ն է անջատում եւ բաւակա՛ն է սեփական շահէ՛, աթոռէ՛, դիրքէ՛ ու պաշտօնէ՛ թելադրուած արկածախնդրութիւն:
Այսօր, այս նուիրական պահուն, զգալով ու գիտակցելով պահու լրջութեան, կու գամ խոնարհիլ բոլոր անոնց յիշատակին առջեւ, որոնք եկան ու անցան եւ ձգեցին իրենց մատնահետքերը:
Արդարեւ, այսօր կ'ուզեմ յիշատակել անունները այդ հոյլ մը մարդկանց: Իսկ եթէ արձանագրուած ըլլայ մոռացութիւն, թող զիս ներեն իմ ընկերները:
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի:»
Շրջանային վարչութեան անդամ Ընկեր Ժոզէֆ Կրպոյեան մէկ առ մէկ կարդաց անունները բոլոր ննջելեալ ընկեր, ընկերուհիներու: Աւարտին, ներկաները շնորհակալութիւն յայտնեցին Ռ.Ա.Կ.Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան այս ձեռնարկը կազմակերպելուն համար:
Բիւր յարգանք հարիւրամեայ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան: Ռ.Ա.Կ.-ին կը մաղթենք վերանորոգ կորով եւ պայծառ օրեր: Վարձքը կատար ազգին ծառայած եւ ծառայող Կուսակցութեան ազնիւ երախտաւորներուն: Ինչպէս Ընկեր Տագէսեան ըսաւ, անոնք մեզի աւանդ ձգեցին այս մեծ ազգաշէն կառոյցը: Հարկ է որ մենք գուրգուրանք անոր, պահենք զայն եւ մեր կարգին ջահը փոխանցենք յաջորդ սերունդին:
Վ.Թոսունեան