Կաղնի մըն ալ տապալեցաւ. ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Ցաւակցագիրը
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը սրտի խոր ցաւով իմացաւ մահուան գոյժը լիբանանահայ փաստաբան, մտաւորական եւ Հայ Դատի ռահվիրայ ու կուռ պաշտպան Մեթր Գասպար Տէրտէրեանի: Մեթրին մահով, արեւմտահայութիւնը եւ համայն հայ ժողովուրդը կորսնցուցին հայոց իրաւունքներու վերականգնումի մեծ պաշտպան մը: Կորսնցուցինք մեծ հայ մտաւորական մը, որ իր հողին կարօտ հայ ժողովուրդի յոյզերուն թարգմանն էր իր բեղուն գրիչին, հրապարակագրական յօդուածներուն եւ իր հրապարակախօսութեան միջոցով: Մեթր Տէրտէրեան Տարագիր Արեւմտահայութեան Քոնկրէսի հիմնադիրներէն էր: Քոնկրէսին նպատակն էր արեւմտահայութեան Դատին շուրջ համախմբել հայրենասէր մտաւորականներու հոյլ մը եւ աշխատիլ մեր Դատի յաջողութեան համար: Ըլլալով լայնախոհ մտաւորական մը, ան շատ մը ռամկավարներ ընդգրկեց Քոնկրէսին մէջ, քաջատեղեակ ըլլալով որ ռամկավարը կը հաւատայ երկխօսութեան եւ կաղապարուած գաղափարներու հաւատացող չէ, այլ մեծ պատկերը կը տեսնէ ու կը գործակցի բոլոր դրական եւ ազգին ծառայող ուժերուն հետ մեր Դատի յաջողութեան ճամբուն վրայ:
Որպէս Լիբանանահայ Գրական Շրջանակի ատենապետ, կը կազմակերպէր գրական եւ մտաւորական բարձր մակարդակի հանդիպումներ: Շատ անգամ Գրական Շրջանակին մէջ ներգրաւած է ռամկավար մտաւորականներ ինչպէս Վահէ Վահեան եւ Գերսամ Ահարոնեան:
Լոյսերու մէջ մնայ հոգիդ ազնիւ Մեթր: Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը եւ հայ ժողովուրդը միշտ երախտագիտութեամբ պիտի յիշեն իրենց Դատի աննկուն պաշտպաններէն երախտաւոր Մեթր Գասպար Տէրտէրեանը: Այս սրբազան գործը շարունակողներ պէտք է ըլլան: