Հայ Ժողովուրդը Վճռած Է Յաղթել... Ու Պիտի՜ Յաղթէ. Յայտարարութիւն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 108-ամեակի Առիթով

2023-04-23
Image

108 տարի առաջ՝ Հայ ժողովուրդի դէմ թուրք պետութեան կողմէ կանխածրագրուած կերպով գործադրութեան դրուած ցեղասպանութիւնը պատմական անցեալին մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւն մը չէ սոսկ, որու ոգեկոչումով պէտք է բաւականանալ՝ մեր եկեղեցիներուն մէջ հոգեհանգստեան արարողութիւններ կատարելով եւ դահլիճներուն մէջ յիշատակի հանդիսութիւններ կազմակերպելով:

Ան այսօր եւս շարունակուող գործընթաց մըն է՝ որովհետեւ Հայ ժողովուրդի դէմ ի գործ դրուած բնաջնջման եւ հայրենազրկման պետականօրէն իրականացուած քաղաքականութիւնը՝ ցայսօր, ո՜չ միայն միջազգային հանրութեան միահամուռ եւ աներկբայ ճանաչման ու դատապարտման չէ արժանացած, այլեւ ամենակարեւորը, արդար հատուցման եւ ազգային իրաւունքներու վերականգնման պայքարի դիմաց նպատակասլաց ճանապարհ մը չէ՜ հարթուած ցարդ:

Հայ ժողովուրդի կեանքի անվտանգութիւնը եւ խաղաղ կենսագործութեան տարրական իրաւունքը, Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններու տարածքային ամբողջականութիւնը եւ ինքնիշխանութիւնը, այսօր եւս, կ’ենթարկուին թուրք - ազերիական ամէնօրեայ սադրանքներու, եւ այս բոլորը ի տես այսպէս կոչուած ռազմավարական դաշնակիցի եւ անվտանգութեան երաշխաւորի: Առկայ են նաեւ ոյժի կիրառման յարաճուն դրսեւորումներ եւ մնայուն սպառնալիքներ, որոնց հիմնական եւ ակնյայտ նպատակն է՝ հայ զանգուածներուն մէջ սերմանել վախ ու պարտուողականութիւն, վերջնականապէս հայաթափել Արցախը, Հայաստանի Հանրապետութիւնը մղել զիջողականութեան եւ նահանջի ու մէկընդմիշտ գերեզմանել Հայոց արդար իրաւունքներու վերատիրացման տեսլականը:

Աշխարհաքաղաքական բարդ պայմանները, որ ներկայիս յառաջացած են միջազգային ուժային կեդրոններու անհաշտ ու կատաղի հակամարտութեան պատճառով, նպաստաւոր պայմաններ ստեղծած են թուրք - ազերիական վոհմակի համար, որ առաջ մղէ իր ռազմավարական նպատակները՝ տիրական ներկայութիւն դառնալու աշխարհաքաղաքական եւ աշխարհատնտեսական մեծ կարեւորութիւն ներկայացնող հարաւային Կովկասի մէջ եւ իրեն ենթարկելու տարածաշրջանը ու անոր բնական անսպառ հարստութիւնները:

Հայկական կենսական շահերու համար ստեղծուած այս ոչ - բարենպաստ պայմաններուն մէջ Հայ ժողովուրդը ունի մէկ եւ միակ ընտրութիւն՝ համահայկական անխոնջ ճիգերով հզօրացնել հայրենի պետութեան կենսագործութիւնը՝ բոլոր ոլորտներուն մէջ, եւ անառիկ դարձնել անոր ինքնիշխանութիւնը՝ մշտապէս վերազինելով անոր անվտանգութեան միակ յուսալի երաշխաւորը՝ Հայոց փառապանծ Բանակը:

Հայ ժողովուրդը որոշած է անգամ մը եւս չենթարկուիլ ցեղասպանութեան եւ հայրենազրկումի:
Ու պիտի՜ ՉԵՆԹԱՐԿՈՒԻ:

Հայ ժողովուրդը ուխտած է անզիջում պայքարիլ իր ազգային եւ մարդկային իրաւունքներու վերատիրացման համար
Ու պիտի՜ ՏԻՐԱՆԱՅ:

Հայ ժողովուրդը պատրաստակամ է զոհաբերել ամենաթանկագինը իր ազգային անկախութեան, ինքնութեան եւ արժանապատւութեան պահպանման համար:
Ու պիտի՜ ՊԱՀՊԱՆԷ:

Հայ ժողովուրդը վճռած է յաղթել:
Ու պիտի՜ ՅԱՂԹԷ:

 

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

24 ԱՊՐԻԼ 2023