Հանդիպում Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Գործերու Գլխաւոր Յանձնակատար Պարոն Զարեհ Սինանեանի հետ
Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Գործերու Գլխաւոր Յանձնակատար Պարոն Զարեհ Սինանեան, Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 13-ին ընդունեց այցը Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը ներկայացնող պատուիրակութեան մը: Հանդիպումը կայացաւ քաղաքամայր Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան փողոցի վրայ գտնուող Յանձնակատարի կեդրոնական գրասենեակէն ներս։
ՌԱԿ պատուիրակութիւնը կը բաղկանար Կեդրոնական Վարչութեան փոխ ատենապետ ընկեր Ալեքսան Գարատանայեանէն, Հանրապետական Վարչութեան նախագահ ընկեր Հրաչեայ Կարապետեանէն եւ փոխ նախագահ ընկեր Կարէն Կակոյեանէն։
Պարոն Սինանեան նախ իր անվերապահ գոհունակութիւնը յայտնեց կուսակցութեանս զոյգ կառոյցներուն միջեւ հեզասահ յարաբերութիւններու վերահաստատման մասին, արտայայտելով այն համոզումը թէ արդիւնաւէտ այդ համագործակցութիւնը պիտի ծառայէ լաւագոյն ծառայութիւն մատուցելու։մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին։
Ապա տեղի ունեցաւ անմիջական եւ սրտբաց խորհրդակցութիւն ներկայիս մեր ժողովուրդը խորապէս յուզող վիթխարի բոլոր խնդիրներուն, բայց մասնաւորաբար իրենց պապենական բնօրրանէն պարտադրաբար արմատախիլ եղած, աւելի քան հարիւր հազար արցախահայ մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն հնարաւոր առաւելագոյն տարողութեամբ օժանդակելու մասին։
Անգամ մը եւս լուսարձակի տակ առնուեցաւ անհրաժեշտութիւնը Հայրենիք-Սփիւռք կապերու յարաճուն ամրապնդման։
Նկարին մէջ՝
Ձախէն աջ՝ Պարոն Զարեհ Սինանեան, ընկեր Կարէն Կակոյեան, ընկեր Հրաչեայ Կարապետեան եւ ընկեր Ալեքսան Գարատանայեան