Ոչ Եւս Է Ընկեր Օշին Մոստիչեանը
Խոր ցաւով ստացանք գոյժը մահուան գաղափարանուէր ռամկավար ազատական ընկեր Օշին Լէոն Մոստիչեանի, որ տեղի ունեցած է երէկ, Օգոստոս 3-ին, Սաօ Փաուլոյի մէջ, Պրազիլ, յետ երկարատեւ անհանգստութեան։
Ողբացեալ մեր ընկերը, հասակ առնելով ազգային խոր համոզումներ կրող ընտանիքի մէջ, կանուխ տարիքէն խանդավառ մասնակցութիւն բերած է հեռաւոր Պրազիլի ազգային կեանքին։
Երիտասարդ հասակին, ամբողջապէս որդեգրելով Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ազգային դաւանանքը, դարձած է զինուորագրեալը նուիրական այդ գաղափարաբանութեան եւ տասնամեակներ շարունակ, յարաճուն նուիրումով, ծառայած է անոր։
Հարաւային Ամերիկայի ՌԱԿ-ի շրջանակէն ներս պատասխանատու բազմաթիւ պաշտօններ վարելէ ետք, 1988-ին, կուսակցութեան ԺԷ. Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովին, ընտրուած է Կեդրոնական Վարչութեան անդամ, իսկ 2019-էն ի վեր, արժանաւորապէս արժանացած է Պատուոյ Անդամի կոչումին։
Պրազիլի մէջ անոր հիմնադրուելէն ի վեր (1992), երեսունըմէկ տարի ժրաջան մասնակցութիւն բերած է Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի տեղւոյն յանձնաժողովին, 2002-էն 2014 յաջողապէս վարելով նաեւ անոր ատենապետութիւնը։
Ողբացեալ ընկեր Օշին Մոստիչեանի յուղարկաւորութիւնն ու թաղումը տեղի պիտի ունենան վաղը՝ Շաբաթ, Օգոստոս 5-ին։
Այս տխուր առիթով մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք սգակիր իր բոլոր հարազատներուն, ինչպէս նաեւ աշխարհասփիւռ իր գաղափարակից բոլոր ընկեր-ընկերուհիներուն։
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան
Կեդրոնական Վարչութիւն