ՌԱԿ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄՆ-Ի ՇՐՋ. ՆՈՐ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ

2023-08-26
Image

Երեքշաբթի, 22  Օգոստոս 2023-ին ԹՄՄ «Պէշկէօթիւրեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՌԱԿ Արեւմ. ԱՄՆ-ի Շրջ. Վարչութեան պատգամաւորական ժողովը։  24 պատգամաւորներու եւ փոխ-պատգամաւորներու մասնակցութեամբ կայացած ժողովին կուսակցական կարգապահութեամբ ու համերաշխ մթնոլորտի մը մէջ ընթացաւարտ վարչութեան ատենապետ՝ Ընկ. Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեան իր բացման խօսքին մէջ ողջունելէ ետք ներկաները, առաջարկեց դիտել Շրջ. Վարչութեան բարոյական տեղեկագիրը։

Ի տարբերութիւն նախորդ ժողովներու, տեղեկագիրը պատրաստուած էր տեսաերիզի վրայ, ուր նկարներով, բացատրութիւններով ու հակիրճ մեկնաբանութիւններով հրամցուեցաւ անցնող չորս տարիներու գործունէութեանց տեղեկագիրը։ Հակառակ վերջին հինգ տարիներուն հայրենիքի թէ սփիւռքի ու Արցախի մէջ ծաւալուած քաղաքական ալեկոծութիւններուն, ինչպէս 44-օրեայ պատերազմ, COVID համաճարակ, Շրջանային վարչութիւնը ունեցած է աւելի քան 90 գործունէութիւն, որ պատիւ կը բերէ որեւէ վարչութեան։ Տեսերիզը արժանացաւ բուռն ծափահարութեան։ Ապա Վարչութեան գանձապահ Ընկ. Արա Գասապեան ներկայացուց նիւթական հաշուետուութիւնը, ուրկէ պարզուեցաւ որ դարձեալ հակառակ անցնող տարիներու աննպաստ տնտեսական կացութեան եւ նիւթական աղբիւրներու սակաւութեան, Վարչութիւնը կրցած է յաղթահարել դժուարութիւնները եւ մասնակցիլ համագաղութային  ձեռնարկներու՝ բերելով իր բաժին լուման։ Նմանապէս եւ խնայողութեամբ օգտագործելով մեր ֆինանսական հնարաւորութիւնները՝ անխափան կերպով լոյս տեսած է շրջանակիս «Նոր Օր» շաբաթաթերթը։

Ապա, ըստ ծրագիր-կանոնագրի տրամադրութեանց, ընթացիկ վարչութեան հրաժարումէն ետք անպարտ հռչակուեցաւ անիկա եւ ընտրուեցաւ օրուան դիւանը՝ ատենապետութեամբ վեթերան ընկ. Անդրանիկ Գարակէօզեանին եւ ատենադպրութեամբ Ընկ. Մինաս Գոճայեանի։ Ատենապետի հմուտ ղեկավարութեամբ հեզասահօրէն շարունակուեցաւ Պատգամաւորական ժողովը։ Ձայներու մեծամասնութեամբ որոշուեցաւ ընտրել վարչապետական ընտրութեան տարբերակը։ Առաջարկուեցան թեկնածուներ, որոնց մէջ բացարձակ մեծամասնութեամբ նոր վարչութեան ատենապետ ընտրուեցաւ իրաւաբան Ընկերուհի ԹԱՄԱՐ ՓՈԼԱՏԵԱՆ ՓԵՐՈՆ եւ իրեն յանձնարարուեցաւ կազմել իր վարչութիւնը յառաջիկայ մէկ շաբթուայ ընթացքին։

Վստահ ենք որ նորընտիր ատենապետուհին եւ իր վարչութիւնը իրենց ուսերուն վրայ յաջողութեամբ պիտի տանին ՌԱԿ Արեւմ. ԱՄՆ-ի առաքելութիւնը՝ շարունակելով նախկիններու ուղին՝ բերելով նոր նախաձեռնութիւններ եւ հանդէս գալով նոր ծրագիրներով։

Յաջողութիւն նորընտիր ատենապետուհիին եւ իր վարչութեան։

Կեցցէ՛ ՌԱԿ-ը։

Կեցցէ՛ Արցախը։

Կեցցէ՛ Հայաստանի Հանրապետութիւնը։

 

Մ.Գ.