Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանակի Պատգամաւորական Ժողովի Նախապատրաստական Աշխատանք
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի շրջանակի Պատգամաւորական ժողովի որպէս նախապատրաստութիւն Շրջանային վարչութիւնը սկսաւ ժողովներ գումարել շրջանակի ակումբներուն հետ: Պատգամաւորական ժողովը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 8 Հոկտեմբեր 2023-ին:
Առաջին ժողովը գումարուեցաւ «Զարթոօնք» եւ «Յովսէփեան» ակումբներու անդամ ընկերներուն հետ Թէքէեան Կեդրոնին մէջ: Ժողովի բացումը կատարելով, Շրջանային վարչութեան ատենապետ ընկեր Տոքթ.Աւետիս Տագէսեան յայտարարեց, թէ ուրախ է յայտարարելու, թէ նոր էջ բացուած է մեր կուսակցութեան պատմութեան գիրքին մէջ: Անցեալը պիտի մոռնանք եւ պիտի լծուինք աշխատանքի Կուսակցութեան վերադարձնելու անցեալի իր բարքի օրերը: Ատենապետը յայտարարեց, թէ պիտի սկսինք ընտրելով նոր ղեկավարութիւն 8 Հոկտեմբերին տեղի ունենալիք Պատգամաւորական ժողովին: Իւրաքանչիւր ակումբ պէտք է ընտրէ իր պատգամաւորները որպէս նախապատրաստութիւն Պատգամաւորական ժողովին: Զեկոյց կարդացուեցաւ երիտասարդական շարժումի եւ «Զարթօնք» օրաթերթի նոր խմբագրական կազմին մասին: Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու մարմինը լծուած է «Զարթօնք» օրաթերթի եւ երիտասարդական շարժումի աշխուժացումի աշխատանքին համագործակցութեամբ ընկեր Աւետիս Տագէսեանի: Իր բացման խօսքէն ետք ատենապետը առիթ տուաւ առաջարկներու ընկերներուն կողմէ: Առաջարկ կատարուեցաւ վերակենդանացնելու Թէքէեան Ուսանողաց շարժումը որպէս ապագայի ղեկավարներու պատրաստութեան դպրոց: Կուսակցութեան պայծառ օրերուն այդ շարժումը մեծ օժանդակութիւն ունէր Կուսակցութեան վերելքին մէջ:
Երկրորդ ժողովը գումարուեցաւ «Պայքար» եւ «Եկարեան» ակումբներու ընկերներուն հետ: Ժողովին ներկայ էին բազմաթիւ ընկերներ, որոնց դէմքին կար ժպիտ Կուսակցութեան միասնականութեան վերականգնումի առիթով: Ատենապետ ընկեր Տոքթ.Աւետիս Տագէսեան զեկուցեց նոր էջ բացուելու մասին ու նոր ղեկավարութիւն ընտրելու հրամայականին մասին: Ակումբներէն պահանջեց գումարել անդամական ժողով ընտրելու համար Պատգամաւորական ժողովի պատգամաւորները: Ապա առիթ տրուեցաւ աշխոյժ երկխօսութեան եւ առաջարկներու: եղան շատ շինիչ առաջարկներ յարգելի ընկերներէն ի փառս Կուսակցութեան եւ թէքէեան Մշակութային Միութեան: Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու մրամինին մէջ ընտրել Կուսակցութեան արժանի անդամներ այդ ձեւով օժանդակելու համար Միութեան վերելքին ու համագործակցութեան ամրապնդումին: դատական Ատեանի վերահաստատումը հրամայական է Կուսակցութեան վերադարձնելու համար օրինական աշխատանքի հոլովոյթը դաստիարակչական եւ օրինախախտում գնահատելու աշխատանքին համար: դատական Ատեանին գործը նաեւ դաստիարակել է որպէսզի անդամներ գիտնան Կուսակցութեան ծրագիր-կանոնագիրը եւ խախտում չկատարեն: առաջարկ կատարուեցաւ նաեւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան մարմիններու անդամներու ընտրութիւնը կատարել անդամաշարքին միջոցով գաղտնի քուէարկութեամբ, Միութեան վերադարձնելու համար իր անցեալի բարքի օրերը:
Ապագային Շրջանային վարչութիւնը նաեւ պիտի հանդիպի Փոթուգալեան ակումբի, Շուշան-Վարդենի ակումբի եւ Զահլէի շրջանի ընկերներուն հետ:
Կուսակցութեան Լիբանանի շրջանակը արդէն սկսած է իր աշխատանքը վերակազմակերպումի եւ վերաշխուժացման համար: Ժամանակ եւ ջանք պէտք է: Յարգանք բոլոր մեր ընկերներուն որոնց աչքերուն մէջ մենք տեսանք յոյսը եւ պատրաստակամութիւնը լծուելու ազնիւ աշխատանքի ի փառս մեր Կուսակցութեան եւ ազնիւ ժողովուրդին: