Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան շնորհաւորագիրը՝ նորընտիր Արհ. Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս 21-րդ Կաթողիկոս Պատրիարքին
Ռ.Ա.Կ.Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը շնորհաւորագիր մը յղած է Արհ. Տ. Ռաֆայէլ Արք. Մինասեանին՝ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Կաթողիկոս- Պատրիարք ընտրուելու առթիւ։
Ստորեւ իր ամբողջութեանը մէջ մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք շնորհաւորագիրը.-
Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ռաֆայէլ
Արքեպիսկոպոս Մինասեան Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց
Ամենապատիւ Տէր,
Ռ.Ա.Կ.Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը մեծ ուրախութեամբ իմացաւ ձեր Պատրիարք ընտրուելու լուրը: Ընդունեցէք մեր ջերմ շնորհաւորութիւնը Կաթողիկէ հայոց 21-րդ պատրիարք ընտրուելու առիթով:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց պատրիարքութեան դերը մեծ եղած է մեր ժողովուրդի հոգեւոր արժէքներու ամրապնդումին, ազգային եւ մշակութային ժառանգի պահպանումի սրբազան առաքելութեանց մէջ:
Լիայոյս ենք, թէ ձեր գահակալութեան շրջանին Հայ կաթողիկէ եկեղեցին կ'արձանագրէ փայլուն էջեր մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ, մանաւանդ այս դժուար ու ճակատագրական ժամանակամիջոցին, որ մեզմէ կ'ակնկալէ ճիգի եւ աշխատանքի կեդրոնացում յաղթահարելու համար ամէն տագնապ:
Ձեզի կը մաղթենք առողջութիւն եւ կորով ձեր աստուածահաճոյ եւ ժողովրդանուէր գործունէութեան մէջ:
Յարգանօք,
Ի Դիմաց՝
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան
Ատենադպիր Ատենապետ
Վիգէն Թոսունեան Տոքթ.Աւետիս Տագէսեան