Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանի Գ. Ընդհանուր Անդամական Ժողով

2022-08-17
Image

Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի շրջանի Գ. Ընդհանուր Անդամական Ժողովը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ 12 Օգոստոս 2022-ին, Մարաշի Հայրենակցական Միութեան հանդիսասրահին մէջ:

Ռ.Ա.Կ.Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ ընկեր Տոքթ.Աւետիս Տագէսեան ներկայացուց Կուսակցութեան 100-ամեակի առիթով Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած տօնակատարութեան մանրամասնութիւնները, ինչպէս Կուսակցութեան պատմական արխիւներու ցուցահանդէսը, որ մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեց հայրենիքին մէջ: Արխիւներէն յայտնի դարձաւ, թէ ինչպէս ազգին նուիրուած կուսակցութեան մը անդամները կրցած են այնքան մեծ գործ կատարել սահմանափակ ժամանակի մէջ: Ծրագրաւորման միօրեայ համագումարը կարեւոր էր, կուսակցութեան ապագային առնելիք քայլերը ճշդելու համար, որպէսզի կարենանք քայլ պահել փոխուող աշխարհի պահանջքին եւ ներկայացուցած կարելիութիւններուն հետ, ի փառս մեր ազգի զաւակներու պայծառ ապագային:

Հայաստանի պետական աւագանիին ներկայութիւնը Կուսակցութեան 100-ամեակի  տօնակատարութեան, որ տեղի ունեցաւ Ազգային ժողովի շրջափակին մէջ, եւ գնահատանքը, ամենամեծ եւ պարտաւորեցնող բարենիշներն էին ներկայացուած մեզի: Հայաստանի պատկերասփիւռն ալ տօնակատարութեան լուրը տուաւ իր առաջին լուրերու շարքին մէջ:

Հայաստանի կառավարութիւնը Կուսակցութեան ներկայացուց 20 հեքթար տարածութիւն Ծիծեռնակաբերդի յուշարձանին մօտակայ պարտէզին մէջ, այդտեղ հաստատելու համար պարտէզ:

Տօնակատարութեան մասնակցող ընկեր-ընկերուհիներ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցանեցին մեր ազգի նահատակ հերոսներուն, այցելելով Եռաբլուր ու ծաղկեպսակ զետեղելով անոնց շիրիմին վրայ:

Վարչութեան ատենադպիր ընկեր Վիգէն Թոսունեան կարդաց Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ Ռ.Ա.Կ. բոլոր շրջաններուն ուղղուած շրջաբերականը, ուր կը ներկայացուի Կուսակցութեան 100-ամեակի տօնակատարութիւնը եւ ապագային կատարուելիք աշխատանքի կոչը, գործի մղուելու, մեր ազգին ծառայելու սրբազան աշխատանքը յաջողութեամբ պսակելու համար: Ապա, ընկեր Տագէսեան ներկայացուց Հայաստանի եւ Արցախի շուրջ վերջին տուեալները: Տեղի ունեցաւ քննարկում անդամներու մասնակցութեամբ: Ներկայացուեցան նաեւ Լիբանանի ներքին կացութեան մասին տուեալներ եւ նախագահական ընտրութեան կարելիութիւնը:

Նկատի առնելով, որ Վահան Թէքէեան վարժարանը 2022-2023 տարեշրջանին ալ ձրի պիտի ըլլայ, կոչ ուղղուեցաւ մեր զաւակները ուղղել մեր վարժարանը, ուր յաջորդ տարեշրջանին նաեւ պիտի զարգանայ արտադպրոցական գործունէութիւնը՝ ճատրակ, պասքեթպոլ եւ այլ մարզաձեւեր: Ժողովի աւարտին, ընկեր Լեւոն Բարսեղեան կարդաց բոլոր մեր երախտաւոր ընկեր-ընկերուհիներու անունները, որոնք երկարամեայ ազգանուէր եւ կուսակցանուէր աշխատանքի համար ստացան իրենց պատուոյ գիրերը ուղարկուած Ռ.Ա.Կ. Կեդրոնական վարչութեան կողմէ:

Բիւր յարգանք մեր ազգի երախտաւորներուն, որոնք ազգին ծառայելը դարձուցած են իրենց կեանքին մէկ մասը, ծառայած են բոլորին անխտիր:

Շնորհակալութիւն Ռ.Ա.Կ.Կեդրոնական վարչութեան, ատենապետութեամբ Ընկեր Մայք Խարապեանի իրենց տքնաջան աշխատանքին եւ գնահատանքին համար: Աշխատանք, որու պտուղները քաղեցինք Հայաստանի մէջ եղած տօնակատարութեամբ, պետական յարգանքով եւ պիտի քաղենք ապագային մեր ազգանուէր Կուսակցութեան շարքերը բազմացնելով ու արդիւնաւէտ աշախատանք տանելով ի փառս մեր ազնիւ ժողովուրդի զաւակներուն:

1
1