ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութիւնը այցելեց ՀՀ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Պրն. Զարեհ Սինանեանին
Այսօր՝ 30 Հոկտեմբեր, 2019-ին, ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութիւնը, Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Ընկ. Մայք Խարապեանի գլխաւորութեամբ այցելեց ՀՀ սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Պրն. Զարեհ Սինանեանին:
Ընկ. Խարապեանի գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կազմեցին Կեդրոնական վարչութեան անդամներ՝ Ընկ. Յակոբ Անդրէասեան (Երուսաղէմ), Ընկ. Լեւոն Պըլըխեան (Երեւան), Ընկ. Վարդան Ուզունեան (Մեծն Բրիտանիա), Ընկ. Ալեքսան Գարատանայեան (Երեւան), Ընկ. Տոքթ. Աւետիս Տաքէսեան (Լիբանան) եւ Ընկ. Բարդուղ Գալստեան (Արցախ):
Հանդիպման, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Ընկ. Մայք Խարապեան, ողջունելով Պրն. Սինանեանը, ընդգծեց անոր ղեկավարած կառոյցի կարեւորութիւնը, նշելով, որ Սփիւռքը կը մնայ Հայաստանի կարեւորագոյն եւ արժանահաւատ ուժերէն մին եւ այդ առումով, Ընկ. Խարապեան անգամ մը եւս շեշտեց, որ իր ղեկավարած վարչութիւնն ու ՌԱԿ-ի Շրջանակները պատրաստակամ են ամբողջական նեցուկով եւ անմնացորդ զօրակցութեամբ ձեռք մեկնելու եւ գործակցելու Պրն. Սինանեանին հետ, անոր գրասենեակի կողմէ նախատեսուած՝ հայութեան ծրագիրները կեանքի կոչելու եւ Սփիւռք-Հայաստան համակարգումը աւելի ամուր հիմքերու վրայ դնելու առաքելութեան:
Կողմերը քննարկեցին ապագայի ծրագիրներու եւ համագործակցութեան ընդհանուր ընթացակարգը: Անդրադարձ կատարուեցաւ ՌԱԿ-ի գործունէութեան սփիւռքի, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ, ինչպէս նաեւ կուսակցութեան ներկայիս դժուարութիւններուն: