ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութիւնը այցելեց ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին

2019-11-01
Image

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան ընկերներ՝ ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Ընկ. Մայք Խարապեանի գլխաւորութեամբ այցելեցին ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին:

Հանդիպման, Վարչապետը ողջունելով վարչական ընկերները, նշեց, որ ուրախ է ՌԱԿ ներկայացուցիչներու  հետ հերթական հանդիպման համար եւ կարեւորեց նման ձեւաչափով շփումները, քննարկումները: «Մեր վերջին հանդիպումը Ռամկավար ազատական կուսակցութեան ներկայացուցիչներու հետ տեղի ունեցաւ այս տարուան սեպտեմբերին, Լոս Անճելըսի մէջ՝ ԱՄՆ իմ այցի շրջագիծէն ներս: Մենք կը կաեւորենք հայ աւանդական կուսակցութիւններու, մասնաւորապէս, ՌԱԿ դերն ու գործունէութիւնը հայապահպանութեան, Հայաստան-Սփիւռք-Արցախ կապերու ամրապնդման գործին վերաբերեալ: Բարձր կը գնահատենք ՌԱԿ-ի դիրքորոշումը եւ աջակցութիւնը Հայաստանի մէջ տարբեր ոլորտներու մէջ իրականացուող բարեփոխումներուն եւ կը կարեւորենք մեր երկխօսութեան շարունակումը», - ըսաւ Նիկոլ Փաշինեանը:

ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Ընկ. Մայք Խարապեանը կարեւորեց Հայաստանի վարչապետի հետ հանդիպումը, որ լաւ առիթ է մայր հայրենիքի հզօրացման ուղղութեամբ համատեղ ընելիքներու շուրջ միտքերու փոխանակումը շարունակելու համար: Ընկ. Խարապեան անգամ մը եւս յիշեցուց, որ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը զօրաւիգ է վարչապետ Փաշինեանին, Հայաստանի կառավարութեան եւ իր աջակցութիւնը վերահաստատեց Հայաստանի առաջընթացին միտուած լայնածաւալ բարեփոխումներուն ու ծրագիրներուն:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան հայապահպանութեան, Հայաստան-Սփիւռք-Արցախ կապերու սերտացման, հայ աւանդական կուսակցութիւններու գործունէութեան, կառավարութիւն-ՌԱԿ համագործակցութեան առնչուող հարցեր։

 

2

 

1

 

2