ՌԱԿ 101-ամեակի նշում եւ պատուոգրերու յանձնում՝ Երուսաղէմի մէջ
Ուրբաթ, 30 Սեպտեմբերին, Հայ Երիտասարդաց Միութեան՝ Թէքէեան սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ ՌԱԿ-ի 101-ամեակի նշումը, եւ ՌԱԿ 100-ամեակի առիթով Կեդրոնական Վարչութեան որոշումով շնորհուած պատուոգրերու յանձնումը՝ Երուսաղէմի շրջանակի կուսակցական ընկեր-ընկերուհիներուն։
Հայաստանի եւ ՌԱԿ-ի քայլերգներով բացուեցաւ հանդիսութիւնը, ապա բացման խօսքով հանդէս եկաւ Երուսաղէմի Շրջանային Վարչութեան ատենադպիր՝ ընկեր Սարօ Նագգաշեանը: Շնորհաւորանքի խօսքերով հանդէս եկան ՌԱԿ-ի Երուսաղէմի Վարչութեան Ատենապետ՝ Ընկեր Յակոբ Փանոսեանը եւ ՀԵՄ-ի ատենապետ ընկեր Սարգիս Ճռնազեանը։
ՌԱԿ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Փոխ-Ատենապետ՝ ընկեր Յակոբ Անդրէասեանը խօսք առնելով, ներկայացուց Կուսակցութեան 100-ամեակի առիթով Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած տօնակատարութեան մանրամասնութիւնները: Ան, Ընկեր Յակոբ Փանոսեանի հետ միասին կուսակցական ընկեր-ընկերուհիներուն յանձնեց Ռ.Ա.Կ. Կեդրոնական վարչութեան կողմէ ուղարկուած պատուոգրերը՝ անոնց երկարամեայ ազգանուէր եւ կուսակցանուէր աշխատանքի համար:
Աւարտին, տեղի ունեցաւ ՌԱԿ 101-ամեակի Կարկանդակի հատում։
Թղթակցութիւն