Ռուսիա պիտի չեղարկէ միջազգային ռոումինկը Հայաստանի հետ. «Վետոմոսթի»

2023-03-29
Image

Ռուսիա մինչև 2025 թուականը պիտի չեղարկէ միջազգային բջիջային ռոումինկը Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) անդամ Հայաստանի, Ղազախստանի, Ղրղզստանի հետ։

Այս մասին ըսուած է Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի (ԵՏՀ) հարցման յաւելուածին մէջ, որ 2023 թուական մարտ 16-ին ուղարկուած է դաշնակից պետութիւններու բոլոր խոշոր բջիջային ընկերութիւններուն եւ Ռուսիոյ տնտեսական զարգացման նախարարութեան։

Փաստաթուղթը կը գտնուի «Վետոմոսթի» թերթի տրամադրութեան տակ:

Մինչեւ 2024 թուականի վերջ այս երկիրներու հեռահաղորդակցական ընկերութիւնները պէտք է մշակեն Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) անդամ երկիրներու տարածքին կապի ծառայութիւններու արդար սակագիներու կիրառման կանոններ։ Այնուհետեւ ընկերութիւնները պէտք է իջեցնեն միջազգային կապի սակագիները եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) երկիրներու բաժանորդներու համար բջիջային կապի ծառայութիւններու համար համապատասխան սակագիներ պիտի սահմանեն։