ՄԱՀԱԶԴ. Ընկ. Տոքթ. Արթին (Արթօ) Փոլատեան

2022-12-12
Image

ՄԱՀԱԶԴ

Տոքթ. Արթին (Արթօ) Փոլատեան

(1934-2022)

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութիւնը խոր ցաւով կը յայտնէ անբասիր կուսակցական եւ մաքրամաքուր հայ՝

Տոքթ. Արթին (Արթօ) Փոլատեանի մահը, որ տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 9 Դեկտեմբեր 2022-ին, շրջապատուած հարազատներով եւ մտերիմներով՝ յետ թոքաբորբի (pneumonia)։

Այս տխուր առթիւ Վարչութիւնս իր խոր վշտակցութիւնը կը յայտնէ հանգուցեալի կողակցին՝ Ընկերուհի Այտա Փոլատեանին, դստեր՝ ՌԱԿ Կեդր. Վարչն. անդամ Ընկերուհի Թամար Փոլատեան-Փերրոնին եւ փեսային՝ Ճոնին ու բոլոր հարազատներուն։  

Հետագային պիտի անդրադառնանք այս մասին եւ պիտի տանք կարգ մը մանրամասնութիւններ։

 

Յիշատակն արդարոց օրհնեալ եղիցի։