Դամասկոսի մէջ. ՌԱԿ 100-ամեակի նշում եւ «Թէքէեան» վերանորոգուած կեդրոնի բացում

2022-12-24
Image

Շաբաթ, 19 Նոյեմբեր 2022-ին, Դամասկոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեանի հովանաւորութեամբ տեղի ունեցաւ Դամասկոսի Թէքէեան Մշակութային ակումբին վերաբացումը: Տաս տարիներ առաջ՝ սուրիական պատերազմի դեռեւս սկզբին, Դամասկոսի Ալ Թահրիր հրապարակի ահաւոր պայթումին հետեւանքով, ԹՄՄ կեդրոնը եւս ահաւոր վնասներ կրած էր: Ի շնորհիւ երախտաւոր բարերարներու եւ անդամներու հետեւողական եւ հասատատակամ ծառայութեան, վերականգնումի դժուարին աշխատանքներէ ետք Դամասկոսի ԹՄՄ կեդրոնը վերաբացաւ իր դռները: 

1

Վերաբացման գողտրիկ ձեռնարկին ներկայ էին Դամասկոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեանը, ՀՀ Դեսպանութեան Խորհրդական տիար Ազատ Խաչատուրեանը, Հոգեւոր Հայրեր, Դամասկոսի մշակութային միութիւններու ներկայացուցիչներ, Դամասկահայ ազգայիններ:

1

ՌԱԿ 100-ամեակին եւ ԹՄՄ կեդրոնին վերականգնումին նուիրուած սոյն ձեռնարկը առիթ հանդիսացաւ նաեւ գնահատելու եւ պարգեւատրելու կուսակցական եւ միութենական անդամներ, որոնք երկար տարիներու ծառայութեւմբ իրենց աւանդն ու ներդրումը ունեցած են ԹՄՄ-ի բեղուն գործունէութեան եւ բարգաւաճումին:

1

Աւարտին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը օրհնութեան իր խօսքին մէջ բարձր գնահատեց բոլորին նուիրեալ աշխատանքը եւ շնորհաւորեց Դամասկսահայերը վերականգնումի այս հանգրուանին համար:

1


Դամասկոս, 19 Նոյեմբեր 2022